2012-11-06 11:59:54

Պրազիլի Մէջ Օծում` Ամերիկեան Ցամաքամասի Աստուածամօր Նուիրուած Ամենամեծ Եկեղեցւոյ


Պրազիլի Սան Փաոլօ թեմին մէջ տեղի ունեցաւ Աստուածամօր նուիրուած եկեղեցւոյ օծումը, որ ներկայիս ամերիկեան ցամաքամասի մեծագոյն տաճարն է։ Օծումը կատարուեցաւ անցեալ 2 նոյեմբերին աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներու մասնակցութեամբ որոնք ժամանած էին Պրազիլի բոլոր քաղաքներէն ։
Յայտնենք որ այդ հսկայ եկեղեցւոյ շինութիւնը կարելի եղաւ շնրհիւ հայր Մարսելօ Ռոսիի ֆինասաւորումին։ Հայր Մրսելօն ընկերային հաղորդամիջոցներու յայտնի դէմք մըն է, անոր ծախած ձայնապնակներու եւ գիրքերու շնորհիւ կարելի եղաւ եկեղեցւոյ շինութիւնը իրագործել։
Եկեղեցւոյ կառուցումը սկիզբ առած էր 2006-ին.Կառուցողներու գնահտումով եկեղեցին կարող է ընդունիլ 20 հազար հաւատացեալ, իսկ անոր գաւիթը կարող է ընդուիլ 75 հազար հաւատացեալ։ Այս առթիւ նշենք թէ Հռոմի ս. Պետրոս պազիլիքան առ այժմ կը մնայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխարհի մեծագոյն տաճարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.